Անչափահաս գաղթականներու աղաղակը կը բարձրանայ դէպի Աստուած. Լեւոն ԺԴ.ի պատգամը
Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. հրապարակեց իր պատգամը Գաղթականի եւ Փախստականներու 112-րդ Համաշխարհային Օրուան առթիւ։ Անչափահաս գաղթականները «երեք անգամ աւելի անպաշտպան» են եւ կը կոչուինք կատարելու մարդկայնութեան եւ հաւատքի արարք մը։