Սեպտեմբեր 20-ին, կէսօրին, Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Առաքելական Պալատի պատուհանէն գլխաւորեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը՝ ներկայացնելով իր խորհրդածութիւնը՝ կեդրոնացած Եսայի Մարգարէի գիրքին վրայ։ Ան ըսաւ, թէ Աստուծոյ ծրագիրները անհունօրէն աւելի մեծ են եւ աւելի «մարդկային», քան մեր մեղքով դրոշմուած ծրագիրները, ուստի մարգարէին կոչը կը մնայ այժմէական՝ լքել ծուռ ուղիները եւ վերադառնալ Տիրոջ, որ ողորմութիւն եւ ներում է։
Աստուծոյ նորութիւնները եւ մարդկային դիմադրութիւնը
Սրբազան Պապը նշեց, թէ Յիսուսի առակները կը յայտնեն Աստուծոյ նորութիւնները, բայց նաեւ մեր դիմադրութիւնը առատաձեռն արդարութեան եւ մեծ սիրոյն դիմաց։ Ան մեկնաբանեց Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած այգիին մէջ աշխատողներու վարձատրութեան առակը (Մատթ. 20,1-16)՝ ընդգծելով, թէ տէրը կը պահէ իր խոստումը առաջիններուն հետ, բայց կ'ուզէ, որ անոնք տեսնեն իր բարութիւնը՝ վերջիններուն հետ նոյն ձեւով վերաբերելով։
Աստուծոյ բարութիւնը բոլորին համար է
«Աստուծոյ բարութիւնը վերապահուած է բոլորին եւ ոչ թէ մի քանիներուն», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։ Ան բացատրեց, թէ Աստուած ունի տարբեր ճանապարհներ եւ նոր խորհուրդներ նոյնիսկ անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք առաջին կը համարեն։ «Բոլորս ալ ուրախութիւն, իմաստութիւն եւ ապագայ կը վաստակինք, երբ սիրոյ օրէնքը կը խզէ հաշուարկի օրէնքը, ողորմութեան փորձառութիւնը կ'ընդլայնէ արժանիքի սահմանները, իսկ խաղաղութեան պարգեւը կը կասեցնէ մրցակցութիւնները», յարեց ան՝ շնորհք համարելով Աստուծոյ այգիին մէջ աշխատիլը։
Յոյս ունենալ Աստուծոյ վրայ եւ ապաւինիլ անոր ողորմութեան
Սրբազան Պապը եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը՝ կոչ ընելով փնտռել Տէրը եւ ապաւինիլ անոր ողորմութեան։ «Հոն, ուր կը խուժէ Աստուծոյ նորութիւնը, նախանձի եւ բաժանման տեղ չկայ», ըսաւ ան։ Ան յիշեցուց մեզի նայիլ Ամենասուրբ Մօր՝ որ անբիծ է եւ կ'օգնէ յոյս ունենալու Աստուծոյ վրայ, որպէսզի անոր ուղիները դառնան մեր ուղիները։