Լեւոն ԺԴ. Պապը Մոխրոց օրուան քարոզով կոչ է արել ազգային ապաշխարութեան
Հռոմի «Սանթա Սապինա» բազիլիկայում Մեծ Պահքի սկզբնավորման արարողության ժամանակ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խորիմաստ քարոզ ունեցավ, որտեղ Պահքը բնութագրեց որպես ապաշխարութեան եւ նորոգման սուրբ ժամանակ:
Եկեղեցու մարգարէական կոչումը
«Այս ծիսական Ժամանակի սկիզբը միշտ նորոգուած ուրախութեամբ վերաբացայայտենք շնորհքը ըլլալու Եկեղեցի մը, որ կոչուած է ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը», ըսաւ Սրբազան Պապը՝ յիշեցնելով Յովել մարգարէին զղջումի կոչը:
Քահանայապետը շեշտեց, որ Պահքը զօրաւոր ժամանակ է նաեւ հասարակութեան համար, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել իր տեղը եւ ճանչնալ իր մեղքերը: Բոլորն ալ հրաւիրուած են գտնելու շիտակ բառերը՝ «Ներէ Տէր քու Ժողովուրդիդ»:
Համայնքային մարգարէութիւն եւ մեղքի կառուցուածքներ
Լեւոն ԺԴ.ը հաստատեց, որ Եկեղեցին գոյութիւն ունի նաեւ որպես համայնքային մարգարէութիւն, որ կը ճանչնայ իր մեղքերը եւ կը դառնայ Աստուծոյ: Նա նշեց, որ մեղքը անձնական լինելու հետ մեկտեղ կ՛արտայայտուի նաեւ հասարակական, տնտեսական, մշակութային եւ կրօնական իրականութիւններուն մէջ՝ երբեմն դառնալով «մեղքի կառուցուածք»:
Երիտասարդութեան արթնութիւնը
Սրբազան Պապը յատուկ ուշադրութիւն դարձրեց երիտասարդներուն, որոնք նոյնիսկ աշխարհիկացած միջավայրերու մէջ աւելի քան անցեալին կը զգան մոխրոց չորեքշաբթի օրուան կոչը: «Իրենք են՝ երիտասարդները, որ յստակօրէն կ՛ ըմբռնեն, թէ աւելի արդար կեանք մը կարելի է», ըսաւ նա:
Ապաշխարական դաստիարակութիւն
Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Պօղոս Զ Պապին խօսքերուն, որ Պահքը նկարագրած էր որպես «ապաշխարական դաստիարակութիւն», որ կը զարմացնէ ժամանակակից մարդը իր խստութեամբ եւ գեղեցկութեամբ:
Աշխարհի ծանրութիւնը եւ մոխիրը
Հաւատացեալներուն գլուխներուն վրայ սրսկուող մոխիրին մասին խօսելով՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրեց զգալ այն աշխարհի ծանրութիւնը, որ կ՛ այրի. ամբողջ քաղաքներ՝ պատերազմի կողմէ փոշիացած, միջազգային իրաւունքի եւ ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան մոխիրները:
Նա յիշեց հին եւ արդի նահատակներու վկայութիւնը, որոնք կը փայլին որպես առաջնակներ մեր ճամբուն վրայ դէպի Զատիկ:
Խոր ներդաշնակութիւն
«Քառասնօրեայ պահքը կը սորվեցնէ աւելի շուտ տեսնելու այն ինչ որ կը ծնի, կը մեծնայ, եւ մեզ կը մղէ անոր ծառայելու: Ասիկա խոր ներդաշնակութիւնն է, որ կը հաստատուի ծոմ պահող, աղօթող եւ սիրող մարդուն սրտին մէջ»՝ եղան Սրբազան Քահանայապետի քարոզին եզրափակիչ խօսքերը: